2013-07-13 10:33:03

Գաղթականութեան Ու Թափառաշրջիկութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Պատգամը` Ծովու Օրուան Առթիւ։


Կիրակի 14 յուլիսը Ծովու նուիրուած կիրակի է, այս առթիւ գաղթականութեան ու թափառաշրջիկութեան քահանայապետական խորհուրդը պատգամ մը ուղղած է բոլոր նաւավարներուն, նաւաստիներուն ու ծովագնացներուն, հրաւիրելով քրիստոնեայ հաւատացեալները ճանչնալու շուրջ 1,5 միլիոն նաւաստիներու աշխատանքը, որոնք աւելի քան 100 հազար նաւերով ծովէ- ծով եւ ովկիանոսէ - ովկիանոս մարդիկ եւ բեռ կը փոխադրեն։
Անոնց կեանքը շատ դժուար է եւ յաճախ ամիսներով հեռու կը մնան իրենց օճախներէն։ Պատգամը կը շնորհաւորէ միջազգային կազմակերպութեան ծովային աշխատանքի համաձայնագրի ստորագրութիւնը եւ որուն գործադրութիւնը կը սկսի 2013-ի օգոստոսին սկիզբը։ Համաձայնագիրը կը ճանչնայ նաւաստիներու իրաւունքը արդար վարձատրութեան, առողջապահութեան եւ ընկերային ապահովութեան։ Պատգամը կ'եզրափակուի աղօթքով մը ուղղուած Տիրամօր` Աստղ Ծովու, որպէսզո լուսաւորէ եւ ընկերանայ ծովու մատրանապետերու առաքելութեան, նեցուկ ըլլայ անոնց որոնք հաւատարմօրէն կ'աշխատին ու անոնց որոնք կանչուած են վկայելու իրենց քրիստոնէական հաւատքը ծովային աշխարհին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.